
Արցախի տարածքին առաջին տպարանը զուիցերիացի բողոքականներու տպարանն էր Շուշիի մէջ, որ գործած է 1828 թուականէն։ Այն երկրորդն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տպարանէն ետք։ Այս տպարանին մէջ լոյս տեսած է աւելի քան 20 գիրք։ Անոնց գործունէութիւնը Շուշիի մէջ տեւած է 7-8 տարի։ Ղարաբաղի արքեպիսկոպոս Պաղտասար Հասան Ջալալեան բողոքականներէն գնած է տպարանը։ Կրթութեան յարգը իմացող առաջնորդը գումար տրամադրած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակութիւններէն մէկական օրինակ ձեռք բերելու համար՝ զանոնք սեփական տպարանին մէջ վերահրատարակելու եւ տարածելու նպատակով։ Այս տպարանը գործած է մինչեւ 1902 թուական՝ լոյս ընծայելով բազմաթիւ աշխատութիւններ։
Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի տպարանը գործած է իր տան կից յատուկ շէնքի մէջ, ուր կ’աշխատէին որդիները։ Ամէնէն շատ գիրքեր՝ 54 անուն, տպագրուած են նոյն այս տպարանին մէջ /1879-1905 թթ./: Տպարանը գործած է մինչեւ 1905 թուական՝ Շուշիի մեծ հրդեհը։
Մելքում Բաբաջանեանի տպարանը գործած է 1910-1919 թուականներուն։ Այստեղ լոյս տեսած են ոչ միայն մէկ տասնեակէ աւելի գիրքեր, այլեւ՝ պարբերականներ։ 1874 թուականէն մինչեւ 1920 թուական Շուշիի մէջ լոյս տեսած է 28 անուն թերթ եւ հանդէս, որոնցշէ 25-ը՝ հայերէն, 3-ը՝ ռուսերէն: 1891 թուականին Շուշիի մէջ գործած է 3 գրախանութ: