
Ֆրանսա կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ բանակցութիւններուն աջակցելուն, ՌԻԱ Նովոստիին յայտնած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչը։
«Ֆրանսա, ինչպէս եւ առաջ, լիովին հաւատարիմ է Պրիւքսէլի, Փրակի եւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներէն ետք ընթացող բանակցութիւններուն աջակցելուն»,- ըսած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչը` պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Ֆրանսա մտադի՞ր է նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումներու տարբերակներ առաջարկել: