Արցախեան  44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցան 10 պետական եւ 2 ոչ պետական թանգարաններ, ուր կը պահպանուէին 20885 ցուցանմոյշներ: Այս լուրը  Նոյեմբերի 26-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած գիտագործնական համաժողովի ընթացքին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ  բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ  մնացած է  մօտ 2000 յուշարձան: 

«Մեր կողմէ վկայագրուած 346 վանական համալիր եկեղեցի մատուռէն 169, ինչպէս նաեւ  117 ամրոցէն 52-ը մնացած է թշնամիի տիրապետութեան տակ»,- մանրամասնած է Լ. Յովհաննիսեան:

 Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-էն ետք սկսած՝  հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերումն ու բռնի իւրացումը կ’իրականացուին երկու խումբով: 

«1994 թուականէն ետք կառուցուած հայկական կոթողները  յստակ հրամանով կ’ոչնչացուին. օրինակ՝ Հադրութ շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարը, Որոտանի խաչքարային խումբերը: Մինչեւ 19-րդ դարու մեր մշակութային ժառանգութիւնը բռնի կ’իւրացուի, որ  սկսած է տակաւին խորհրդային ժամանակներէն»,-ընգծած է Լեռնիկ Յովհաննիսեան: