
Փիրշէնք գիւղը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Բաղէշ վիլայէթի Սասունի Հազզօ-Խապլճոզ գաւառակին մէջ։ Փիրշէնք ունէր Սուրբ Խաչ եկեղեցի, որուն կից կը գործէր նաեւ դպրոց: Եկեղեցին հարուստ էր, ունէր առանձին հողատարածք: Գիւղն ունէր նաեւ տարրական դպրոց:
Փիրշէնք գիւղը եղած է զուտ հայաբնակ, սակայն կային նաեւ քիւրտ ընտանիքներ, որոնք ապրած են հայերուն հետ շատ հաշտ: Սակայն 1894 թուականէն թուրք կառավարութիւնը վճռական միջոցներ ձեռնարկած էր ամբողջական Սասունն ընկճելու համար։ Եւ սկսաւ Սասունի գիւղերը բնակող քիւրտերը հրահրել հայերուն դէմ: Սուլթանը քիւրտերը հայերուն հետ թշնամացնելով չբաւարարուեցաւ։ Անոր նախաձեռնութեամբ քիւրտերէ ձեւաւորուեցան անկանոն զօրամիաւորումներ, որոնք սուլթանին անունով կը կոչուէին ՛՛համիտիէ՛՛։ Այդ գունդերը հայերը բնաջնջելու համար ստեղծուած էին:
Հակառակ անոր, որ 1915 թուականին գաւառակի հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ զանգուածային բնաջնջման, սակայն հայերու մէ զանգուած այդպէս ալ չլքեց հայրենի բնօրրանը: Նոյնիսկ այսօր ալ Փիրշէնքի մէջ կայ 3 հայ ընտանիք, որոնցմէ միայն 2-ը իսլամացած են: Հայ բնակիչներու զգալի մասը ստիպուած էր տեղափոխուիլ Արեւելեան Հայաստան, Լիբանան, Եւրոպա, ԱՄՆ եւ այլ երկիրներ:
Այսօր Արեւելեան Հայաստանի մէջ անոնց սերունդները կը բնակին Արագածոտն մարզի Ուջան, Ներքին Բազմաբերդ եւ Շիրակ Մարզի այլ գիւղերը: