
Սիւնիք մարզի Գորիսի Շուռնուխ գիւղի դպրոցին անմիջապէս դիմաց ատրպէյճանական անօրինական զինուած տեղակայում կայ, ուր մեծ տառերով գրուած է «Önce vatan»: Այս լուրը ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ, «Թաթոյեան» հիմնադրամի ղեկավար Արման Թաթոյեան:
«Önce vatan»ը թրքական ազգայնամոլական հիմնարար կարգախօսներէն է, որ կը նշանակէ «Առաջ հայրենիք»: Այս կարգախօսն անմիջականօրէն կապուած է բանթիւրքիզմի հետ: Շուռնուխի դպրոցին անմիջապէս դիմացը տեղակայուած այս ատրպէյճանական դիրքին մէջ մշտապէս կը հերթապահեն ծառայողներ, որոնք զինուած կը հետեւին դպրոցին, երեխաներուն: Այս զինուած դիրքն ունի նաեւ տեսախցիկներ, որոնք նոյնպէս կը հետեւին մարդոց տեղաշարժին: Հիմա հարց` Ի՞նչ գործ ունի այս ազգայնամոլական կարգախօսը, առաւել եւս ատրպէյճանական անօրինական զինուած տեղակայումը Շուռնուխի դպրոցին անմիջապէս դիմացը: Պարզ է, որ կը թիրախաւորեն անգամ երեխաները, կը փորձեն ահաբեկել ու ճնշում գործադրել մեր երեխաներուն նկատմամբ: Ակնյայտ է, որ այս մէկը խաղաղ բնակչութեան թշնամանք ցուցադրելու համար է: Ատրպէյճանական զինուած տեղակայումները պէտք է հեռացուին ոչ միայն ՀՀ ներխուժած տարածքներէն, այլ նաեւ ՀՀ գիւղերուն մօտէն ու համայնքներուն միջեւ ճանապարհներէն»,- գրած է Թաթոյեան:
Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ ատրպէյճանական սանձարձակ գործողութիւնները, յորդորելով միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները իրենց յատուկ ուշադրութեան տակ պահել այս դէպքը։ Հաշուի առնելով, որ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն կը գտնուի, խորհուրդ կու տանք ՀՀ-ի մեր գործընկերներուն անոնց ներկայացնել նաեւ այս փաստը, որ բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի կողմէ նոյնպէս սադրանք կը համարուի։