
Հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն հայկական տարածքներէն մէկը եղած է Նախիջեւան, որ փաստացի Արարատեան դաշտի շարունակութիւնն է: 1800-ականներու առաջին տասնամեակներուն Ռուսիա Պարսկաստանէն գրաւեց Արաքսի ձախ ափի տարածքները՝ Անդրկովկասը: 1828-ին ռուսերը ստեղծեցին Հայկական մարզը, որուն մէջ ներառուեցան երկու խանութիւններ՝ Երեւանի եւ Նախիջեւանի:Մինչեւ օրս Նախիջեւան երբեք մաս չէ կազմած այն նահանգներուն, որոնց տարածքին յետագային՝ 1918-ի կէսերուն, պէտք է հռչակուէր Ատրպէյճան: Հակառակը, Նախիջեւան միշտ մաս կազմած է այն նահանգներուն, որոնց տարածքին հիմնադրուեցաւ Հայաստանի պետութիւնը 1917-ին: 1918-ի աշնան Պարսկատանէն Անդրկովկաս մտան բրիտանացիները, որոնք հարցեր որոշող էին 1919-ի ընթացքին: Բրիտանական զօրքերու օգնութեամբ Հայաստան 1919-ի գարնան մտաւ Նախիջեւան եւ Կարս: Հայաստան, սակայն, Նախիջեւանը կրցաւ պահել միայն երկու ամիս: Արդէն Յուլիսին թուրք-թաթարական հարուածներուն տակ Նախիջեւան հաստատուած հայկական զօրքին մէկ մասը ջարդուեցաւ, միւս մասը կրցաւ նահանջել դէպի Շարուր ու փրկուիլ: 1919-ի Դեկտեմբերին Նախիջեւանի մէջ, առաջին հերթին՝ Ագուլիսի, տեղի ունեցաւ հայերու ջարդ: Այսպիսով, Գողթանն ու բուն Նախիջեւանը անցան թուրք-թաթարական տիրապետութեան տակ, իսկ Շարուրը Հայաստանի մաս մնաց մինչեւ 1920-ի աշուն: