
Արցախի մշակոյթը համաշխարհային ժառանգութեան գանձարանին մէջ իր առանձին տեղը կը զբաղեցնէ, եւ այն պէտք է պահպանուի, հանրահռչակուի եւ փոխանցուի սերունդներուն: Արցախը՝ Մեծ Հայքի տասերորդ նահանգը, եղած է հայկական գրչութեան կեդրոններէն: Արցախի առաջին դպրոցը Մեսրոպ Մաշտոց բացած է Ամարասի մէջ եւ հիմք դրած հայոց դպրութեան: 11-12-րդ դարերէն եկեղեցաշինութեան վերելքին զուգահեռ կը զարգանան նաեւ գրչութեան արուեստը եւ մատենագրութիւնը, կը ստեղծուին գրչութեան կեդրոններ՝ իրենց մատենադարաններով ու ձեռագիրներու հարուստ հաւաքածուներով:
Որպէս գրչութեան կատարելագործում՝ 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն զարգացած է հայկական կազմարարութիւնը: Կաշիէ կազմերու ձեւաւորման ու զարդարման, կազմարձանագրութիւններու արտայայտման ինքնատիպ սկզբունքներով կ’առանձնանայ Արցախ-Ուտիքի դպրոցը։