
Թրքագէտ Տիրան Լոքմակոզեանի կարծիքով, այսօր, առաւել քան երբեք, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վտանգուած է: «Ընդհանրապէս, 30 տարուայ ընթացքին ՀՀ բոլոր կառավարութիւններն իրենց զիրենք տեսակ մը հեռու պահեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն ու այդ ամէնը գլխաւորաբար դրին տարագիր հայերու ուսերուն: Իսկ արդէն 2018-էն ետք Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացն առհասարակ բարձիթողի վիճակի մէջ յայտնուեցաւ»,- ըսած է թրքագէտը:
Անոր խօսքով, բացի անկէ, որ Հայերու Ցեղասպանութեան հարցին մասին այլեւս չի խօսուիր, այլ խնդիր ալ կայ. «Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն նկատմամբ մեր իրաւունքը թուրքերուն վաճառելու խնդիր եւս կայ, որովհետեւ թուրքերուն հետ բարեկամութիւն ընելու մասին կը խօսին: Այսօր ոչ միայն հայ-ատրպէյճանական սահմանը, այլեւ հայ-թրքական սահմանը ճշդելու խնդիր կայ: Եւ եթէ այդ սահմանը ճշդուի, վերջ, այնպէս պիտի ըլլայ, որ այսօրուան սահմանները կը ճանչնանք ու խաչ կը քաշենք նաեւ հայկական պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին վրայ»: