Ախալքալաքի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնը Ջիւանիի տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպած էր բաց դաս՝ նուիրուած Ջիւանիին: Կեդրոնի սաները հանդէս եկան բեմականացուած դրուագներով, ուր մանրամասն ներկայացուցին մեծանուն աշուղին կեանքն ու ստեղծագործական ուղին:

Բաց դասը նպատակ ունէր ծանօթացնել Ջիւանիի աշուղական արուեստին, արժեւորել անոր ստեղծագործական գործունէութիւնը՝ որպէս հայկական մշակութային հարստութիւն: Միջոցառումը եզրափակուեցաւ աշուղի տուն թանգարանին մէջ՝ ճանաչողական շրջայցով:

Ջիւանիին նուիրուած միջոցառումներիու շարքն այսքանով չաւարտեցաւ: Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի սաները բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցան լսելու ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, Կոմիտասի անուան պետական քոնսերուատորիայի փրոֆեսոր եւ «Սայեաթ-Նովա» մշակութային միութեան ղեկավար, ժողովրդական եւ աշուղական երգերու կատարող Թովմաս Պօղոսեանի հեռավար դասախօսութիւնը՝ նուիրուած Ջիւանիին: