Բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Օրորայի լուսաբացը» եւ բեմադրիչ Հայկ Օրդեանի «Զուլալի» ֆիլմերն արժանացած են միջազգային մրցանակներու:

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն  յայտնած  են, որ «Օրորայի լուսաբացը» վաւերագրական շարժապատկերը Թալլինի «Սեւ գիշերներ» (Tallinn Black Nights) միջազգային փառատօնի Baltic մրցութային ծրագիրին արժանացած է «Համարտադրութեան համար Պալթեան լաւագոյն արտադրող» մրցանակին: Ֆիլմը Հայաստան-Գերմանիա-Լիթուանիա համատեղ արտադրութիւն է։ Այն աջակցութիւն  ստացած է նաեւ եւրոպական ամէնէն խոշոր ֆիլմային ֆոնտէն՝ ԵՒՐԻՄԱԺ-էն: Ֆիլմն ստեղծուած է Հայերու  Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւի հիման վրայ:

Հայկ Օրդեանի «Զուլալի» խաղարկային ֆիլմը մասնակցած է Մոսկուայի «Շարժանկարն առանց արգելքներու» հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու կեանքին նուիրուած 11-րդ միջազգային փառատօնին եւ յաղթած «Երեխաներու մասին լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին։