
Քաղաքական եւ ռազմական հիմնախնդիրներու հարցերով վերլուծութիւններ կազմող «Stratfor» ամերիկեան կեդրոնի փորձագէտներն անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերջին կարեւոր զարգացման՝ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման չեղարկման:
Այն տեղի ունեցած է Ալիեւի նախաձեռնութեամբ: Ան յայտարարած է, թէ Ֆրանսա հակա-ատրպէյճանական դիրքորոշում ունի, անվերապահօրէն կը սատարէ հայերուն, հետեւաբար՝ չի կրնար հանդէս գալ իբրեւ չէզոք միջնորդ: Իր ըսածն օրինակներով հիմնաւորելու համար Ալիեւ նշած է Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու բանաձեւերը եւ Ֆրանկոֆոնիայի համաժողովին հնչեցուած յայտարարութիւնները:
«Stratfor»ի վերլուծաբաններուն փոխանցմամբ, խաղաղութեան գործընթացին էական յառաջխաղացում ապահովելու հարցին մէջ երկու կողմներու ձախողումը եւ Ատրպէյճանի հռետորաբանութեան փոփոխութիւնը թոյլ կու տան ենթադրել, որ Ատրպէյճան հետզհետէ աւելի կը հակի ուժ կիրառելու իր լծակները ցոյց տալուն, իսկ այդ կը նշանակէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կամ Արցախի մէջ արիւնալի նոր միջադէպերու հաւանականութիւնը կ’աճի:
«Stratfor»ի վերլուծաբանները կը յիշեցնեն, որ Նոյեմբերի 23-ին Փաշինեան հրաժարած է ստորագրել ՀԱՊԿ-ի փաստաթուղթերը, քանի որ անոնց մէջ առկայ չէր Հայաստանի տարածք ատրպէյճանցիներու ներխուժման քաղաքական գնահատականը:
Այս հարցին մէջ միջազգային գործընկերները պէտք է դատապարտեն եւ կոշտ արձագանգ ցոյց տան Պաքուի բռնապետի պահուածքին, քանի որ այս բանակցութիւններու խաթարման յստակ օրինակ է, որ այս պահուն չէտք չէ թոյլ տալ՝ արիւնալի բախումներէ խուսափելու համար։