Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ Թուրքիոյ վայրագութիւններէն եւ հայերու դէմ շարունակուող ցեղասպանական հռետորաբանութենէն ետք Լեմկինի ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկը ցեղասպանութեան  նախազգուշացում տուած է Թուրքիոյ:

Լեմկինի հիմնարկը ներառած է Թուրքիան երկբայական ցեղասպանութեան փորձերու եւ ցեղասպանութիւն իրականացնողներու կարմիր ցուցակին մէջ։ Հիմնարկը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է  ՆԱԹՕ-ի դաշնակից անդամ ըլլալուն պատճառով Թուրքիոյ հանդէպ անպատժելիութեան եւ հետաքննութեան բացակայութեան վրայ:

Նախազգուշացման մէջ Էրտողանի համակարգը կը գնահատուի որպէս միապետական, եւ  կը նշուի հետեւեալը․ «Թրքական պետութիւնը մաս կը կազմէ բնաջնջման քաղաքականութեան, որ կ’արտայայտէ կրկնուող եւ սարսափելի ռազմական յարձակումներու, ռմբակոծութիւններու, առեւանգումներու, խոշտանգումներու եւ արտադատական ​​մահապատիժներու միջոցով»:

Թուրքիա վճռականօրէն կ’աջակցի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանական գործելաոճին թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ Ի յաւելումն Հայերու Ցեղասպանութեան համառօրէն ժխտման, Անգարա աշխոյժ կերպով կը համագործակցի Պաքուի հետ, որպէսզի չէզոքացնէ արցախահայութեան անկախութեան պահանջը եւ վերացնէ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Այս բնաբանին ներքոյ մենք Ատրպէյճանին ուղղուած ցեղասպանութեան նախազգուշացումներէն մէկուն մէջ (2022թ. Հոկտեմբերի 7) յայտնեցինք, որ «Թուրքիոյ մէջ Էրտողան մեծապէս նպաստած է անպատժելիութեան մթնոլորտի ստեղծման, որուն պատճառով այս երկու պետութիւններն այժմ ազատօրէն կը գործեն»: