
Պաքուի լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները գործողութիւններ իրականացուցած են Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան օրինաչափման, չափագիտութեան եւ արտօնագիրներու պետական կոմիտէին մէջ։ Երէկ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, որ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան պետական մաքսային կոմիտէի լուծարման վերաբերեալ: Հրամանագիրին համաձայն, կը ստեղծուի Նախիջեւանի մաքսային գլխաւոր վարչութիւն, որ կը մտնէ Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէի կազմին մէջ։ Կասկած չկայ, որ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան օրինաչափման, չափագիտութեան եւ արտօնագիրներու պետական կոմիտէն եւս պիտի լուծարուի եւ դառնայ ատրպէյճանական կոմիտէի մաս։
Այսպիսով, Պաքու ձեռնամուխ եղած է Նախիջեւանի կարգավիճակի լուծարման, որ 1921 թ․ Կարսի ռուս-թրքական պայմանագիրով սահմանուած է որպէս հայկական ինքնավարութիւն՝ ժամանակաւորապէս Պաքուի խնամատիրութեան տակ, հայկական կողմի որոշ իրաւասութիւններով, մասնաւորապէս՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կարգավիճակի երաշխաւորի։