Հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, երաժիշտ Գրիգոր Նարեկացին (951-1003) ծնած է Արեւմտեան Հայաստան՝ Վանայ լիճի հարաւային ափերուն գտնուող գիւղերէն մէկը։ Փոքր հասակէն կապուած էր Վասպուրականի Նարեկ գիւղի վանքին հետ, որմէ եւ կու գայ Նարեկացի անունը։ Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին մասին պահպանուած են ոչ շատ, բայց հաւաստի տեղեկութիւններ։ Ուսումն ստացած է վանքի դպրոցէն։ Իւրացնելով դպրոցի մատենադարանի թարգմանական եւ ինքնուրոյն ձեռագիր կրօնա֊փիլիսոփայական գրականութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացի յետագային դարձած է ուսման այդ կեդրոնի սիւներէն մէկը։ Նարեկացիէն մնացած են բաւական թիւով qnրծեր, որոնցմէ լաւագոյնները տաղերն են, իսկ  «Մատեան ողբերգութեան» վիպերգը, որ կը պատկանի մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական մեծագոյն արժէքներու թիւին, Նարեկացիին մեծ հռչակ բերաւ Հայ եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ։ Վիպերգին մէջ Նարեկացի ստեղծած է կատարելութեան ձգտող մարդու իդէալը՝ առաջ քաշելով կատարեալ էակի՝ Աստուծոյ պաշտամունքը։ Ան իւրովի կը լուծէ մարդ եւ Աստուած, բնութիւն եւ Աստուած յարաբերութիւնը։ Աստուած ամէն տեղ է եւ ամէն ինչի մէջ։

Նարեկացի, որպէս երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք  հաղորդած է հայ միջնադարեան մասնագիտացած երգարուեստին։ Գրիգոր Նարեկացի գրականութեան մէջ մնաց անգերազանցելի՝ բովանդակութեան համապատասխան ոտանաւորի տարբեր չափեր ստեղծելու եւ օգտագործելու, ռիթմի ու երաժշտականութեան անկրկնելի արդիւնքներու հասնելու հարցին մէջ։