
Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտ նահանգի Էյիլ գաւառին մէջ գտնուող Տիգրիսի ջրամբարին մէջ ստորջրեայ նկարահանումներ իրականացնող կազմակերպութեան ղեկավար Թահսին Ճէյլան նկարահանած է ջուրին տակ անցած բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու հետքեր կրող գեղեցիկ շինութիւններ:
Թահսին Ճէյլան յայտարարութեան մէջ նշած է, որ ջրամբարին յատակը կը գտնուին հնամենի գերեզմանատուն եւ այլ կառոյցներ, այդ թուին՝ մէկ կամուրջ եւ 30-35մ խորութեան վրայ գտնուող անվնաս պահպանուած ջրաղաց։ Բացի անկէ, ջրամբարը հարուստ է տարբեր տեսակի ձուկերով:
