Տեղի ունեցած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստ, որուն արդիւնքով Խորհուրդի նոր նախագահ ընտրուած է բարերար, յայտնի բժիշկ եւ գիւտարար Վաղարշակ Փիլոսեան:

Նիստի մասնակիցները քննարկած են «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սոս Սահակեանի վաղօրօք  ներկայացուցած դիմումը՝ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի լիազորութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ։ Հոգաբարձուներու խորհուրդը բաւարարած է պարոն Սահակեանի խնդրանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնած երկարաժամկէտ համագործակցութեան համար, յաջողութիւն մաղթած գործնական եւ անձնական կեանքին մէջ։

«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի թեկնածու առաջադրուած է, այնուհետեւ ընտրուած յայտնի բժիշկ, ԱՄՆ քաղաքացի, բարերար Վաղարշակ Փիլոսեան։

Վաղարշակ Փիլոսեան ծնունդով Ծալկայի Նարդեւան գիւղէն է: Բժշկական բարձրագոյն կրթութիւնը  ստացած է Երեւանի մէջ: 42 վիրաբուժական գործիքներու եւ սարքերու գիւտարար է: Կատարած եւ/կամ աջակցած է սրտանօթային 1500 վիրահատութիւններու, աւելի քան 300 պարագաներուն անձամբ տեղադրած է տարբեր տեսակի սրտամկանի սարքեր։ Ամուսնացած է: Ունի չորս դուստր: Այժմ կը բնակի ԱՄՆ: