Ոսկերչութիւնը մարդկութեան ամենահին արուեստներէն մէկն է: Հայկական բարձրաւանդակին վրայ ոսկերչութիւնը զարգացած եղած է հնագոյն ժամանակներէ։ Հնագիտական պեղումներով յայտնաբերուած նմոյշները կը վկայեն, որ տակաւին Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակին պատրաստուած են ոսկեայ, արծաթեայ զարդեր ու կենցաղային առարկաներ։ Հայ վարպետները տիրապետած են դրուագման, ձուլման, հիւսման, հատիկազարդման եւ այլ եղանակներուն։  Միջնադարեան Հայաստանի մէջ հայկական ոսկերչութեան արուեստի կեդրոններ էին՝ Դուինը, Անին, Կարսը, Կարինը, Վանը, Արդուինը, Արտահանը, Կ. Պոլիսը, Երզնկան, Երեւանը, Ալեքսանդրապոլը, Շուշին, Ախլցխան։ Յետագային Հայաստանի ոսկերիչ-արծաթագործները ալ աւելի կը  զարգացնեն հին վարպետներու աւանդոյթները եւ կը ստեղծեն նոր ինքնատիպ գործեր։ Անոնց լաւագոյն աշխատանքները ցուցադրուած են համաշխարհային ցուցահանդէսներու մէջ, արժանացած բարձր պարգեւներու։

Այո՛, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարգացած  եղած է նաեւ ոսկերչութեան արհեստը, անոր մասին կը վկայէ այն նիւթական ժառանգութիւնը, որ ցեղասպանութեան տարիներուն բնիկ հայ ժողովուրդը թողեց եւ տարագրուեցաւ օտար երկիրներ՝ մազապուրծ ըլլալով եաթաղանէն։ Եւ մեր պահանջատիրութեան հիմքը ոչ միայն տարածքային պահանջն է, այլեւ նիւթական, որոնք ներկայացուած են ինչպէս անշարժ, այնպէս ալ շարժական գոյքով։ Յատկապէս արհեստով զբաղող քաղաքներու մէջ  շատ էին ոսկիի եւ այլ թանկարժէք զարդերու շրջանառութիւնը, որոնք թալանուեցան թրքական ղեկավարութեան թողտւութեամբ եւ հրամանով։