Ջրթնիկ  գիւղը կը գտնուի  Արեւմտեան Հայաստանի Սասունի Փսանք գաւառակին մէջ։ 

Ջրթնիկը գլխաւորաբար հայաբնակ էր 50-60 տուն հայ բնակիչով, սակայն ունէր նաեւ  քանի մը տուն քիւրտ բնակիչներ, որոնք կ’աշխատէին հայերու տունը, կ’օգնէին անոնց անասնապահութեամբ ու այլ կենցաղային գործերով: Գիւղի բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնն էր։

Ջրթնիկն ունէր Սուրբ  Գէորգ  անունով եկեղեցի:   Սուրբ  Գէորգ  յայտնի ուխտատեղի էր շրջանին մէջ, ուր հայերէ բացի կ’այցելէին  նաեւ տեղի քիւրտերը: 

Գիւղի հայ բնակչութիւնը եւս անմասն չմնաց 1894-1896 թուականներու Սասունի կոտորածէն:

1904 թուականի՝ թրքական բռնատիրութեան խոշոր արշաւանքը հայերու դէմ, ստիպեց  գիւղի հայ բնակչութենէն ոմանց լքել գիւղը եւ տեղափոխուիլ յարաբերականօրէն աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ ապրելու։ 1914 թուականին գիւղն արդէն ունէր  30 տուն՝ 390 հայ բնակիչ:

1915-1916 թուականներուն, գիւղն աւերուած է, թալանուած, իսկ անօգնական ծերերը, կիներն ու երեխաները  թուրքերը  կը լեցնեն մարագները եւ կ’այրեն, միայն  կոտորածէն փրկուած փոքրաթիւ հայեր կը  յաջողին  վերահաստատուիլ ամայացած որոշ գիւղերու մէջ։ Այդտեղ հայերը մեկուսացած ապրեցան մինչեւ 1916 թուականի  Փետրվար, այնուհետեւ անոնք յաջողեցան տեղափոխուիլ ռուսական բանակին կողմէ ազատագրաւուած Մուշ, ուրկէ լ՝ Արեւելեան Հայաստան, Սուրիոյ Հալէպ քաղաք եւ Կ. Պոլիս։