
2022 թուականի Դեկտեմբերի 1-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ժողովի 43-րդ առցանց նիստը, որուն կը մասնակցէին պատգամաւորներ տարբեր երկիրներէ։ Նիստը վարեց ԱԺ նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։
Օրակարգին մէջ ներգրաւուած էին շարք մը հարցեր, որոնցմէ հիմնականներն էին՝ Ուրուկուէյի պատգամաւոր Փապլօ Թայլանեանի առաջարնը՝ ԱՀՀ քաղաքացութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու վերաբերեալ, Դեկտեմբերի 17-ին կայանալիք 2-րդ գումարման 8-րդ նիստին պատգամաւորներու ելոյթներու հերթականութեան եւ ժամանակացոյցի հարցը։
Քննարկումէն ետք պատգամաւորները եւ անձամբ պարոն Թայլանեան որոշեցին անոր ներկայացուցած գրաւոր առաջարկը հանել օրակարգէն։ Յաջորդ հարցին վերաբերեալ պատգամաւորները որոշեցին յատկացնել 15 վայրկեան իւրաքանչիւր ելոյթի համար, իսկ նախագահի եւ կառավարութեան ելոյթներուն տրամադրել 30-ական վայրկեան։