
Արղանամատէն գաւառը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտ վիլայէթին մէջ։ 1885 թուականին, երբ աւարտեցաւ Տիգրանակերտ վիլայէթի արտաքին սահմաններու ձեւաւորումը, գաւառը Խարբերդէն փոխանցուեցաւ Տիգրանակերտին: Վարչական կեդրոնը Արղանա–Մատէն քաղաքն է։ Գաւառին մէկ մասը լեռնային է եւ անտառապատ, ցամաքային՝ տաք կլիմայով, մեծ մասն ալ հարուստ էր ստորգետնեայ հանքային բազմաթիւ կարեւոր պաշարներով։
Գաւառն ունէր բազում եկեղեցիներ ու վանքեր, բայց մեծ հռչակ ունէին գաւառի Սուրբ Նշանը, ուր կը պահուէին նաեւ 7 ձեռագիր մատեաններ ու Բարձրահայաց Սուրբ Աստուածածին վանքերը, որոնք գործած են մինչեւ հայերու Ցեղասպանութիւնը: Սուրբ Նշան վանքը միջնադարուն եղած է հայ ձեռագրական գրչութեան կեդրոն: Գաւառին մէկ այլ նշանաւոր ուխտավայրն էր՝ Բարձրահայաց Սուրբ Աստուածածին հռչակաւոր մենաստանը, որ հայ գրչութեան նշանաւոր կեդրոն էր:
Արղանամատէն գաւառին մէջ կը գործէր 2 հայկական երկսեռ դպրոց:
Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը գաւառն ունէր գրեթէ 25000-ի հասնող հայ բնակչութիւն: Գաւառը յայտնի էր իր ընտիր գինիներով եւ բարձրորակ խաղողի տեսականիով։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Արղանամատէնի հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնագաղթի եւ զանգուածային բնաջնջման: Տակաւին 1919 թուականին, Ցեղասպանութիւնը վերապրած քանի մը հարիւր հայ կրկին վերադարձաւ հայրենի բնօրրան, սակայն չդիմանալով կեանքի դաժան պայմաններուն, շատեր ստիպուած եղան վերջնականապէս հեռանալ, իսկ ուրիշներ կրօնափոխ եղան՝ մնալով հայրենի բնօրրանին մէջ: Արեւմտեան Հայաստանը այս յօդուածով հերթական անգամ կ’արձանագրէ մշակութային եւ նիւթական հաստութեան կորուստը Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք։