
Սեպտեմբերի 13-14-էն ետք, երբ ատրպէյճանական զինուած ուժերը յարձակում սանձազերծեցին ՀՀ–ի դէմ, Արարատ մարզի Սիս գիւղին մէջ անվտանգային իրավիճակը սրեցաւ, բայց հիմա բոլորն իրենց առօրեայ կեանքով կ’ապրին։ Մարզի բոլոր գիւղերուն մէջ գաղթականներ կան` Պաքուէն, Խոյէն, Սալմաստէն: Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ձկնաբուծութեամբ կը զբաղին, ինչպէս նաեւ հողագործութեամբ, բանջարաբուծութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Սիս գիւղը սահմանէն ուղիղ գիծով մօտ 2քմ հեռու է, սակայն սահմանամերձ չի համարուիր։ Գիւղի տարեց բնակիչներէն մէկուն խօսքով, գիւղին մէջ անվտանգային հարցերն այսօր առաւել քան այժմէական դարձած են ատրպէյճանական զինուած ուժերու սեպտեմբերեան յարձակումէն ետք։ Սիս վարչական շրջանի ղեկավար Հրանդ Ալեքսանեան կը վստահեցնէ, որ անվտանգային խնդիրները գլխաւորաբար առաջացած են 2022 թուականի Սեպտեմբերի 13-14-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերու սանձազերծած յարձակումէն ետք եւ կը նշէ, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք իրենց մօտ իրավիճակն այդքան ալ սուր չէ եղած։