Երնջակաբերդը հնագոյն ամրոց-բերդաքաղաք էր Արեւմտեան Հայաստանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Ջուղայի շրջանին մէջ։

Ունի հնագոյն պատմութիւն։ Պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն։ Գոյութիւն ունեցած է առնուազն Ն.Ք. 5-4-րդ դարերէն։ Եղած է Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի յայտնի բերդերէն, որ գտնուած է Երնջակ գաւառին մէջ։

Նախիջեւանի ատրպէյճանականացման զուգահեռ բերդին պատմութիւնը վերափոխուած է, իսկ արդէն 2000-ական թուականներուն այն հիմնովին վերակառուցուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ կորսնցնելով իր պատմական նկարագիրը։ Երնջակ բերդը մինչեւ օրս ալ կը հանդիսանայ դժուարամատչելի, իսկ անցեալին եղած է գրեթէ անառիկ։ Կը գտնուի Երնջակ գետի ափին գտնուող սրածայր ժայռի բարձրադիր մասը։ Լերան` դէպի հիւսիս-արեւմուտք նայող ճիւղին վրայ կառուցուած եղած է իշխանական պալատը։

Այս Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած մշակությաին ցեղասպանութեան տիպիկ օրինակ է, երբ բնիկները տեղահանած են, իսկ անոնց բացակայութեան ժամանակ բերդը վերակառուցած՝ ջնջելով հայկական հետքը։ Այս դէպքին եւս միջազգային հանրութիւնը պէտք է իր յստակ գնահատականը տայ։