Արեւմտեան Հայաստանի Մնձուրի հովիտին մէջ կառուցուելիք ամէնէն մեծ ջրամբարին եւ Քոնակթեփէ Հիտրօ-ելեկտրակայանի  նախագիծը  չեղեալ յայտարարուած է Անգարայի 10-րդ վարչական դատարանին կողմէ։ Այս լուրը յայտնած է դատարանը՝ նշելով, որ տարիներ շարունակ զբաղած է օրինական ուժի մէջ մտած նախագիծին դէմ ներկայացուած հայցով։

Անգարայի 10-րդ վարչական դատարանի որոշումէն ետք Տերսիմի փաստաբաններու միութեան ղեկավար Ֆաթմա Քալսէն հանդէս եկած է մամլոյ հաղորդագրութեամբ,  ուր նշած է. «Հիտրօ-ելեկտրակայաններու եւ ջրամբարներու նախագիծերն այլեւս սպառնալիք չեն Տերսիմի աշխարհագրութեան համար, սակայն հանքարդիւնաբերութեան առումով մենք կանգնած ենք լուրջ վտանգի առջեւ: Այս  փաստին վերաբերեալ փաստաբաններու պալատը՝ ժողովուրդին հետ միասին պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ իրաւական գործընթացները։ Եւ մենք յոյս ունինք, որ Տերսիմի բնութիւնը պիտի մնայ այնպիսին, ինչպիսին էր անցեալին»։