Արեւմտեան Հայաստանի Ջուղայ քաղաքը, հիմնադրած է մեծահամբաւ հայ թագաւոր Տիգրան Ա. Երուանդեան։ Քաղաքը կը գտնուէր Նախիջեւանի մօտ, հայաբնակ հողերու կեդրոնը, որոնք կը տարածուէին Քուր գետէն մինչեւ Եփրատի եւ Տիգրիսի վերին հոսանքները։ Մինչեւ 1604 թուական Ջուղայ առաւելապէս կը պահպանէր իր  բացառիկ հայկական բնոյթը։ Քաղաքի ծաղկումը վայրէջք կ’ապրի 16-րդ դարաշրջանին, երբ ան դարձած էր միջազգային առեւտուրի կեդրոն, առաւելապէս մետաքսի։ Այդ ժամանակ քաղաքին մէջ կար 3 հազար տուն եւ 7 եկեղեցի։  1604 թուականին Ապաս շահը հրաման  տուած է բոլոր տեղի հայերը տեղափոխել Պարսկաստանի խորքերը։ Ջուղայի ամբողջ բնակչութիւնը արտաբնակեցուած է, իսկ քաղաքը հրդեհուած։ 1812 թուականին անգլիացի ճանապարհորդ մը կը նշէ, որ աւերակներուն շուրջը մնացած են միայն 45 ընտանիք, բոլորն ալ հայեր։

20-րդ դարու սկիզբը հայերը կը կազմէին Նախիջեւան գաւառի 42 տոկոսը։ Այս տարածաշրջանը Ատրպէյճանին միացնելէ ետք անոնց քանակը սկսաւ արագընթաց կերպով պակսիլ։ 1987 թուականին Ջուղայ կ’ապրէր միայն մէկ հայուհի, իսկ շուտով բոլոր հայերը աքսորուած են ողջ Նախիջեւանի տարածաշրջանէն։  Սակայն հայերու յիշողութեան մէջ Նախիջեւանի տարածաշրջանը կը մնայ որպէս հայկական շրջան, որուն հետ կապուած են ազգային պատմութեան եւ մշակոյթի ամէնէն կարեւոր դէպքերը եւ ուր մնացած են բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ։