2022 թուականի Նոյեմբերի 10-ին BBC news թղթակից Օլկա Իւշինա՝  դէպի Արցախ BBC լրատուական խումբի այցելութենէն ետք,  հրապարակեց «Յաղթանակի ցուցադրութիւն․ ինչպէս կ’ապրի Արցախ 2 տարի անց» ծաւալուն յօդուածը, ուր յստակ նկարագրութիւններով ու մանրամասներով ներկայացուած են Արցախի Հանրապետութեան Հադրութ շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան, գիւղի դպրոցին եւ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ՝ ատրպէյճանցիներու ձեռքով կատարուած ոչնչացումներն ու պղծման գործողութիւնները: 

Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն վեց ամիս անց «Caucasus Heritage Watch», որ արբանյակային համակարգով Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում  կ’իրականացնէ, հրապարակած էր արբանյակային նկարներ, որոնք կը փաստեն  գերեզմանատան՝ ատրպէյճանցիներու կողմէ աւերման մասին։ 

«Monumentwatch.org» կայքի արձագանգը այսպիսին է․ «Հարկ է յիշեցնել, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի մշակութային արժէքներուն հասցուող վնասը հարուած է  ողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան, քանզի իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ներդրումն ունի  համաշխարհային մշակութային բազմազանութեան մէջ։ Ըստ Հաակայի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան՝ արգիլուած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները»։