Արցախի Տեղեկատուական շտաբը կը յայտնէ «Զանգուածային լրատուամիջոցներով տարածուող տեղեկութիւնն առ այն, թէ իբր Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը համաձայն է ատրպէյճանական մաքսային կէտ տեղադրել Լաչինի ճանապարհին՝ իրականութեան չի համապատասաներ։ Խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան տակ գտնուող տարածքներ արգիլուած առարկաներու մուտքը կանխելոխ նպատակով Ռուսիոյ խաղաղապահներու կողմէ դիտարկուած է Բերձորի ճանապարհի թիւ 1 հենակէտին մօտ ստուգող սարքի տեղադրման հնարաւորութիւնը՝ մտնող  փոխադրամիջոցներու զննման նպատակով։ Ըստ այդմ, կրկին կը շեշտենք, որ Բերձորի ճանապարհին ատրպէյճանական հսկիչ կէտ տեղակայելու մասին շրջանառուող լուրերը կեղծ են եւ չեն բխիր Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն։ Կոչ կ’ուղղենք տուրք չտալ ապատեղեկատւութեան եւ հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական լրատւութեան»։