
Թուրք հանդիսատեսը զայրացած է «Netflix» հարթակով սփռուող «Pepsi, Where’s My Jet» ֆիլմաշարի առաջին դրուագը, ուր երկրի արեւելեան շրջանները նշուած եղած են որպէս Հայաստանի տարածք:
Sabah թերթ-ի կը հաղորդէ, որ այս «Netflix»ի հետ կապուած առաջին դէպքը չէ:
«Սուրիոյ մէջ «Մոսատի» գործակալին մասին «Netflix»ի «Լրտես»ը ֆիլմաշարի չորրորդ շարքին մէջ պատին կախուած էր «մասնատուած» Թուրքիոյ քարտէզը։ «Netflix»ի «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնները» վաւերագրական ֆիլմի հինգերորդ շարքին մէջ աշխարհի քարտէզին վրայ հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը նկատուած է. Թուրքիա քարտէզին վրայ մասնատուած էր, իսկ բաժնուած հողերը նշուած էին որպէս Հայաստանի տարածք»: