«Ազատութիւն» կայքը կը ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին գերի ինկածներէն մէկուն՝ Լիբանանահայ Վիգէն Էուլճէքեանի մասին որոշ մանրամասներ։ Պաքուի մէջ բանտարկուած Վիգէնի մայրը անոր հետ մէկ շաբաթ առաջ խօսած։ Վիգէնին մայրը տագնապած է, կ’ըսէ. «Անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ, հիւանդ է։ Հաց չ’ուտեր։ Կարմիր խաչը ըսած է, որ հնարաւորութիւն ունին բոլոր գերիներուն ուտելիք ուղարկել։ Հիմա ես նոյնպէս իրեն համար ծանրոց կը պատրաստեմ»։ 

Վիգէն ամիսը մէկ անգամ կը զանգէ՝ 50 երկվայրկեանով։ Վերջին հեռախօսազրոյցին ժամանակ ցանկացած էր արաբերէն խօսիլ եւ բան մը յայտնել, բայց արգիլած են։ Պաքուի բանտապահներուն պահանջով ան պէտք չէ խօսի արաբերէն։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանահայ Վիգէն Էուլճէքեան Շուշի վերաբնակած էր 44-օրեայ պատերազմէն ամիսներ առաջ։ Գերեվարուեցաւ եռակողմ յայտարարութենէն ժամեր անց, երբ Մարալ Նաճարեանին հետ Բերձոր, ապա Շուշի կ’երթային՝ անձնական իրերը վերցնելու համար, պաշտօնական լրատւութեան հետեւած ու այդտեղ Շուշիի գրաւման մասին ոչինչ լսած էին։ Վիգէն ընդամէնը մէկ շաբաթ էր, որ առաջնագիծ մեկնած էր, բայց պաշտօնական Պաքուն զինք ներկայացուց որպէս 2500 տոլարի դիմաց կռուող վարձկան ու դատապարտեց 20 տարուան ազատազրկման։