
44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ատրպէյճանական բռնազաւթման տակ յայտնուած փոքր հիտրօ-ելեկտրակակայաններու հայ ներդրողները մտադիր են միջազգային իրաւարարութեան վարոյթ նախաձեռնել Ատրպէյճանի դէմ՝ պնդելով, որ Պաքու 2020 թուականին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով առգրաւած եւ իւրացուցած է իրենց սեփականութիւնը։ Այս լուրը կը հաղորդէ միջազգային իրաւարարութեան ոլորտի անցուդարձին հետեւող առաջատար մասնագիտացած կայքը՝ «Global Arbitration Review», աւելցնելով, որ ծանուցումը ներկայացուած է Դեկտեմբերի 5-ին՝ փոքր հիտրօ-ելեկտրակակայաններու 19 հայ սեփականատէրերու անունով։
Կայքին փոխանցմամբ, հայ ներդրողներու շահերը կը ներկայացնէ նիւ-եորքեան հեղինակաւոր «Willkie Farr & Gallagher» իրաւաբանական ընկերութիւնը։
«Global Arbitration Review»ի վկայութեամբ, հայցը կը վերաբերի Մարտակերտ, Լաչին եւ Քարվաճառ շրջաններուն մէջ գտնուող 18 փոքր հիտրօ-ելեկտրակակայաններուն, որոնց սեփականատէրերուն համոզմամբ, Ատրպէյճանը զանոնք իւրացնելով խախտած է Եւրոպական ուժանիւթի համաձայնութեան շարք մը դրոյթներ։ 1991 թուականին կնքուած այս փաստաթուղթը նաեւ ուժանիւթի ոլորտի միջազգային վէճերու հանգուցալուծման մեխանիզմ կը նախատեսէ: