Աւանցը որպէս  գիւղ եւ նաւահանգիստ կը գտնուի  Արեւմտեան Հայաստանի  Վան վիլայէթի Վան գաւառակին մէջ: Գիւղը կը գտնուի  Վանայ լիճի ափին, բարձր սարահարթի վրայ: Կը հանդիսանար Վանայ լիճի ամէնէն յայտնի նաւահանգիստը։ 

Գիւղը միջին դարերուն եղած է գրչութեան կեդրոն, ուր  գրուած են բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ: Մինչեւ 1810 թուականը գիւղն ունէր՝ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիները: Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ ընդունուած էր անուանել նաեւ Սուրբ Աստուածածին: Գիւղին համար աղէտաբեր եղած են լիճի՝ 1810 թուականի կէսերուն տեղի ունեցած  ուժեղ ալեկոծութիւնները, որուն արդիւնքով ջրակուլ  եղած է ողջ գիւղը եւ եկեղեցիներէն մէկը: Աւանցը կրկին վերաշինուած է աւելի բարձր դիրք ունեցող սարահարթի վրայ։

1850-ական թուականներուն Աւանցն ունէր արդէն 300 տուն՝ աւելի քան 2000 հայ բնակիչներով, իսկ աւելի ուշ՝ շուրջ 500 տուն հայ բնակչութեամբ:

19-րդ  դարու սկիզբը գիւղին մէջ կը գործէր վարժարան։ Բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը զբաղէր այգեգործութեամբ, երկրագործութեամբ,  օճառագործութեամբ, ձկնորսութեամբ, նաւաշինութեամբ ու նաւավարութեամբ։

1915 թուականին Աւանց գիւղի բնակիչներն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան: Աւանցն աւերուած է  ցեղասպանութեան տարիներուն։ Բնակիչներէն շատեր զոհուած են  գաղթի ճանապարհին, սակայն փրկուածներուն մէկ մասը  կրօնափոխ եղած է չլքելով հայրենի բնօրրանը,  միւս մասն ալ  ապաստան գտած է  Արեւելեան Հայաստան։