
Ատրպէյճանական կողմն Արցախի մէջ շահագործուող հանքավայրերուն նաեւ Մոսկուայի մէջ անդրադարձած է։ Այդ երկրի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ, Հայաստանի ու Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներուն հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, թէ «անընդունելի է Արցախեան տարածաշրջանին մէջ անօրինական այցերու կազմակերպումն ու բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը»։
Նման յայտարարութիւններով Պաքու կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Արցախի տարածքին որոշումներ կայացնելու իրաւունք ունի, յայտնած է Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Արթուր Յարութիւնեան։ Արցախի մէջ բնապահպանական խնդիրներուն մասին Պաքու աշխոյժ կերպով սկսաւ խօսիլ անցեալ շաբթուընէ։ Ամէն ինչ սկսաւ, երբ բնապահպանական խնդիրներու պատճառաբանութեամբ Արցախը Հայաստանին կապող մայրուղին աւելի քան 3 ժամ փակ պահեցին։
Պատգամաւորն անընդունելի կը համարէ ատրպէյճանական կողմի քայլերն ու զանոնք սադրիչ կ’որակէ։ Նշած է, որ հարցին վերաբերեալ արցախցի խորհրդարանականներն իրենց դիրքորոշումը օրերս յայտնած են ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին։
Արեւմտեան Հայաստանը հետեւողական է կատարուող իրադարձութիւններուն եւ ըստ անհրաժեշտութեան հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ։