Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան ԱՄՆ կատարած այցի ծիրին մէջ Դեկտեմբերի 9-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարի Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալի փոխանորդ Քարա ՄըքՏոնալտին հետ: 

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին վերաբերեալ, քննարկուած են առաջնահերթ հարցեր։ Պաշտպանը ներկայացուցած է Սեպտեմբերի 13-14-ին ՀՀ տարածքին վրայ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքները, մասնաւորապէս, ՄԻՊ-ի կողմէ փաստագրուած մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները։

Զրուցակիցը հետաքրքրուած է նաեւ մարդու իրաւունքներուն առնչուող շարք մը անհատական գործերով։ Քարա ՄըքՏոնալտ վերահաստատած է, որ ԱՄՆ Կառավարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ։ Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել համագործակցութիւնը։