
«Նիսան» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Նուպար Եալըմեանի «Վերադարձ հայրենիք» գիրքը՝ հայերէնէն թրքերէն թարգմանութեամբ։ Նուպար Եալըմեան եւ իր ստեղծագործութիւնները հրատարակչութեան կողմէ գրուած նախաբանին մէջ այսպէս կը ներկայացուի․ «Նուպար անունը կը դառնայ ձնծաղիկ, որ կը ծաղկի հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու սրտերուն մէջ։ Առաջին անգամ հայերենէն թրքերէն կը թարգմանենք ու կը տպագրենք անոր բանաստեղծութիւններն ու յօդուածները, որոնք կ’արտայայտեն անոր ազատութեան անսպառ իտէալներն ու անկեղծ զգացմունքները՝ հայրենիքին ու սեփական ժողովուրդին հանդէպ։ Նուպար Եալըմեան, որուն գրիչն ու խօսքն ուղղուած էին տգիտութեան ու խաւարին դէմ, մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայրենիքի կարօտին։ Երբ խօսքը կը վերաբերի հայերուն, հայրենիքը կը դառնայ անսպառ կարօտ՝ տոգորուած ցեղասպանութեան ցաւով։ Քանի մը անգամ աքսորի ենթարկուած Նուպար այդ մէկն այնքան խոր կը զգար, որ այդ զգացմունքը կ’արտացոլուէր անոր բանաստեղծութուններուն մէջ։ Ան իր ազատութիւնը որոնեց մայր հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ»։
Յիշեցնենք, որ հայ յեղափոխական Նուպար Եալըմեան ծնած է 1957 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Շրնաք նահանգի Սիլոփի գաւառին մէջ։ Ան աշխոյժ կերպով կ’աշխատէր Հոլանտայի մէջ։ Սպանուած է թրքական հետախուզութեան կողմէ 1982 թվականի նոյեմբերի 5-ին։