
1977 թուականէն Եւրոպական թանգարաններու համաժողովին կողմէ տրուող «Տարուայ թանգարան» մրցանակի 2023 թուականի հաւակնորդներու թուին է «23.5․ Հրանդ Տինքի յիշատակի վայր» թանգարանը, որ բաց է այցելուներու համար 2019 թուականէն։
Մրցոյթին տեղ պիտի զբաղեցնեն 33 հաւակնորդներ՝ տարբեր անուանակարգերով։ Մրցանակի յաղթողները պիտի ներկայացուին մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ 2023 թուականի Մայիսի 3-6-ը Պարսելոնայի պատմութեան թանգարանին մէջ կայանալիք Եւրոպական թանգարաններու համաժողովէն ետք:
«23.5․ Հրանդ Տինքի յիշատակի վայր»ը իր անուանումն ստացած է 1996 թուականի Ապրիլի 23-ին «Ակօս»ի մէջ հրապարակուած Հրանդ Տինքի՝ «Ապրիլ 23,5» վերնագիրով յօդուածէն։ Այս թանգարանը կամուրջ մըն է, որ կը միաւորէ Հրանդ Տինքի որդեգրած այնպիսի համամարդկային արժէքներ, ինչպիսիք են ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը, արդարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ ազատութիւնը: