Ընկուզնակ գիւղը կը գտնուի  Արեւմտեան Հայաստանի  Պիթլիս վիլայէթի Կէնճի գաւառին մէջ։

Ընկուզնակին մասին առաջին յիշատակութիւնը կը վերաբերի 1445 թուականին, իսկ Կոնդակին մէջ նշուած էր, որ գիւղը կը պատկանէր Եղրդուտի Սուրբ Յովհաննէս վանքին։

Ընկուզնակը եղած է գրչութեան կեդրոն։ Յայտնի սրբատեղիներ էին գիւղի շրջակայքէն բխող Թլնա եւ Մեծակ աղբիւրները, որոնք ունէին բուժիչ յատկութիւններ: Գիւղէն շուրջ 2քմ հարաւ կը գտնուէր Աբեղթու աւերակ վանքը՝ Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Ստեփաննոս մատուռներով, որոնք ժամանակին յայտնի ուխտատեղիներ էին: Սուրբ Ստեփանոսի մէջ պահպանուած էին մեծ թիւով հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արծաթապատ Աւետարաններ։

Մինչեւ 1909 թուականը գիւղն  ունէր արդէն 40 տուն՝ 580 հայ բնակիչ: Գիւղին մէջ կար հայկական դպրոց, որ գործեց մինչեւ Ցեղասպանութիւնը: Գիւղի բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը զբաղէր անասնապահութեամբ:

1915 թուականին բնակչութիւնը բռնութեամբ տեղահանուեցաւ։ Անոնց մեծ մասը զոհուեցաւ  աքսորի ճանապարհին, ողջ մնացածները ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւ այլուր։