Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով  լրագրող Ռոզա Կաճեթցի եւ  մշակութաբան Կարինէ Յակոբեան քննարկեցին մշակութային հարցեր, մասնաւորապէս խօսելով հակամշակութային այն ուղղուածութենէն, որ կը ձեւաւորուի մեր տարածաշրջանին մէջ։ Մշակութաբանը նշեց, որ տեղի ունեցող պատրեազմներն ու յարձակումները մշակութային կեանքի նուազման արտայայտումն է, որուն արդիւնքով կը տուժեն մշակութաստեղծ ազգերը, իսկ բարբարոս ցեղերը կը շարունակեն իրենց զաւթիչ գործողութիւնները։ Տիկին Յակոբեան ներկայացուց նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան հետեւանքները Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին եւ անկէ դուրս։ Անդրադառնալով դպրոցներուն մէջ ուսուցանուող մշակութային բաղադրիչին,  նշեց, որ այսօր դպրոցներուն մէջ այդ առումով իրավիճակը այդքան ալ լաւ չէ, եւ երեխաները թերի կ’ուսուցանուին ու կը ծանօթանան իրենց մշակոյթին։

https://youtu.be/Uem2nP99KIM