
Ըստ իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմկինի, ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ազգային կամ կրօնական խումբի մարմնական բնաջնջմամբ վերացումը, այլեւ անոր ազգային-հոգեւոր մշակոյթի ոչնչացումն է:
Բազմաթիւ փաստեր կը վկայեն, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ բնակչութեան զանգուածային կոտորածներուն եւ տեղահանութեան համընթաց երիտթուրքական կառավարութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրաւորուած կերպով ոչնչացուցած է նաեւ հայկական քաղաքակրթութեան նիւթական վկայութիւնները: Հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ երիտթուրքերու որդեգրած ոչնչացման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ, քանզի անոնք կը դիտուէին որպէս հայկական ներկայութեան անցանկալի վկաներ:
1920-ական թուականներէն Թուրքիոյ մէջ սկսած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տեղանունները փոխելու գործընթաց: Հայկական աշխարհագրական տեղանունները փոխարինուած են թրքականով:
Ըստ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի 1974թ. տուեալներուն` 1923-էն ետք կանգուն մնացած հայկական 913 պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններէն 464-ն ամբողջովին անհետացած են, 252-ը աւերակ են, 197-ը ամբողջովին նորոգման կարիք ունին:
Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կամ անոր իւրացումը` հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է:
