Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է. «Ատրպէյճանցիները կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններով փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը, որ Արցախը ՀՀ-ին կապող  միակ ճանապարհն  է։ Ստեղծուած իրավիճակը կը յանգեցնէ մարդասիրական աղէտալի հետեւանքներու՝ դադրեցուած է սննդամթերքի, ուժակիրներու, դեղորայքի եւ անհրաժեշտ պարէնի մատակարարումները, շուրջ 1100 անձ մնացած է ճանապարհին ձմեռնային ցուրտ պայմաններու մէջ՝ հնարաւորութիւն չունենալով միանալու իրենց ընտանիքներուն, այդ թուին՝ 270 երեխաներ այս պահուն կտրուած են իրենց ընտանիքներէն։ 

Այս ատրպէյճանական ցեղային ատելութեան քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է, որ նպատակ ունի ահաբեկելու Արցախի ժողովուրդը, գոյաբանական սպառնալիքի ներքոյ տարբեր կենսական հարցերու մէջ զիջումներ կորզելու Արցախէն եւ պարտադրելու իր կամքը։ Ասոնք մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ ու կոպտագոյն խախտումներ են, որոնց վերաբերեալ մինչեւ այս պահը միջազգային պատշաճ արձագանգ չկայ։ Ես կ’ակնկալեմ միջազգային դերակատարներու աշխոյժ արձագանգը»։

Արեւմտեան Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները, որոնք աղէտալի հետեւանքներ կրնան ունենալ եւ կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան անցնիլ կտրուկ գործողութիւններու: