
Բարվարի գաւառակը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Բաղէշ վիլայէթի Սղերթ գաւառին մէջ: Տարածքի ձգուածութեան եւ տարածքին պատճառով Բարվարի կազմուած էր քանի մը հատուածներէ։
Բարվարիի կեդրոնը Խասխեր աւանն էր՝ Արեւելեան Տիգրիսի ձախ ափին: Խասխեր աւանին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին քարակերտ վանքը: Աւանին մօտակայքը պահպանուած էին Խասխերի կամ Բարվարա բերդին ու պարիսպներուն աւերակները, որ ժողովուրդի շրջանին մէջ ընդունուած էր Բաւարա բերդաքաղաք անուանումով: Գաւառակն ունէր լեռնային տարածք եւ հարուստ էր արօտավայրերով: Բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը զբաղէր անասնապահութեամբ, երկրագործութեամբ, մեղուապահութեամբ եւ խաղողագործութեամբ:
Գաւառակը մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը ունէր 300 տուն հայ բնակիչ, որոնց մեծագոյն մասը, չդիմանալով գաւառ ներթափանցած քոչուոր ադիանցի աղաներու վայրագութիւններուն, հեռացած էր այլ վայրեր, բայց մինչեւ ուշ միջնադար Բարվարիի բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը կը կազմէին հայերը։ Սակայն 1915 թուականին Բարվարի գաւառի հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ զանգուածային կոտորածի։ Թշնամիի գերակշիռ ուժերու ճնշման տակ աւերուեցաւ ու թալանուեցաւ ողջ գաւառը, իսկ բնակչութիւնը ստիպուած էր մարտերով նահանջել աւելի անվտանգ վայր՝ Մոկս։ Նոյն թուականի ամրան վերապրածները նոյնպէս ստիպուած եղան հեռանալ, եւ հիմնական մասը հաստատուեցաւ Արեւելեան Հայաստանի տարբեր շրջաններ: Սակայն անոնց շարքերուն մէջ մնացին հայեր, որոնք այդպէս ալ չլքեցին հայրենի բնօրրանը: