
Արցախի Հանրապետութեան երեք հատուածներու մէջ առաւել տեսանելի են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հասցուած վնասները: Առաջին հատուածը կը գտնուի Շուշի քաղաքին մէջ ու անոր շրջակայքը:
Երկրորդ հատուածը՝ Արցախի Հանրրապետութեան հարաւայի մասն է, ուր նոր ճանապարհներ կը կառուցուին: Վերջին ամիսներուն նաեւ Լաչինի շրջանին մէջ հայկական պատմամշակությային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է: «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաշխարհային գիտաժողովի ընթացքին այս հարցին անդրադարձած է Քորնելլի համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ճիւղի փրոֆեսոր, Caucasus Heritage Watch-ի (Կովկասեան ժառանգութիւն դիտորդական նախաձեռնութեան) համաղեկավար Լորի Խաչատուրեան:
«Կովկասեան ժառանգութիւն դիտորդական նախաձեռնութիւնը արձանագրած է 5 հաստատուած ոչնչացուած վայրեր, 7 հաստատուած վնասուած վայրեր եւ 17 վտանգի տակ գտնուող վայրեր՝ այն ժամանակէն, երբ Արցախի Հանրապետութեան 2-րդ պատերազմը սկսաւ: Մեր բացայայտումները փաստագրելէ ետք մեր զեկոյցները կ’ուղարկենք ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովներուն եւ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներուն: Մենք կ’ուղարկենք զեկոյցները ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ միջազգային դատարանին մէջ «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» ներգրաւուած փաստաբաններուն: Յոյսով ենք, որ, լայնօրէն տարածելով մեր բացայայտումները, պիտի կարողանանք կանխել յետագայ ոչնչացումները»,- նշած է Լորի Խաչատուրեան: