
Երկրաչափներու եւ ճարտարապետներու պալատի նահանգային համակարգող խորհուրդի քարտուղար Վահտէթթին Թիւզուն ուշադրութիւն հրաւիրած է Պաթման գետի աւազանին մէջ նախատեսուած արդիւնաբերական գօտիին հետեւանքով շրջակայ միջավայրին հասցուող վնասին վրայ։
Վերլուծելով իրավիճակը, Թիւզուն ըսած է. «12 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող Հասանքէյֆ աւիրուեցաւ, իսկ քաղաքի բնութեան հրաշքը՝ Զորէ հովիտը կը ցանկան զոհաբերել հիտրօ-ելեկտրակայաններուն։ Այս վայր մըն է, ուր մարդիկ ազատ կը շնչեն եւ կը բաւարարեն իրենց ջուրի կարիքները։ Այստեղէն կը հոսին ստորերկրեայ ջուրեր։ Այս քաղաք մըն է, որ ջուրի խնդիր ունի: Հետեւաբար, այս վայրին աւիրումը քաղաքն առանց ջուրի պիտի ձգէ։ Արդէն մեծ վնաս հասցուած է գիւղատնտեսութեան: Արդիւնաբերական գօտի ստեղծելու նպատակը կառուցուելիք գործարաններու թափօններն այս գետին մէջ լեցնելն է։ Այս աղէտալի եւ անդառնալի հետեւանքներով յղի նախագիծ է։ Այն պիտի ազդէ քաղաքի ապագային վրայ։ Մենք պէտք է կանխենք այս աղէտը։ Կ’ակնկալենք, որ բնութեան բոլոր ջատագովները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները պիտի կասեցնեն այս աղէտը։ Ասոր դէմ պէտք է արձագանգեն նաեւ բնակիչները»։