
Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը դատարան բողոք ներկայացուցած էր «Սանասարեան հան» շէնքը պետութեան յանձնելու վերաբերեալ։ Սահմանադրական դատարանը անօրինական համարած է սեփականութեան յանձնումը պետութեան:
Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող «Սանասարեան հան» շէնքը, որ կը պատկանի համանուն հիմնադրամին, ստեղծուած է 1901 թուականին Մկրտիչ Սանասարեանի կողմէ՝ հայազգի աղքատ երեխաներու կրթութեան եւ ուսուցման ծախսերը հոգալու նպատակով: 1930 թուականին շէնքին տիրացած է Կ. Պոլսոյ յատուկ նահանգային վարչութիւնը եւ 1952 թուականին շէնքը գրանցած է իր անունով։ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը գրանցումը չեղեալ յայտարարելու պահանջով հայց ներկայացուցած էր դատարան, սակայն հայցը մերժուած էր։
Այնուհետեւ Պատրիարքարանը գործը տեղափոխած է Սահմանադրական դատարան եւ անհատական դիմում ներկայացուցած։ Դիմումին մէջ նշուած է, որ հիմնադրամը ստեղծուած է հայ երեխաներու կրթութեան եւ վերապատրաստման կարիքները հոգալու համար, եւ որ անոր միակ հոգաբարձուն պատրիարքարանն է։
Սահմանադրական դատարանը միաձայն որոշած է, որ սեփականութեան իրաւունքի խախտման վերաբերեալ հայցն ընդունուած է, որ խախտուած է սեփականութեան իրաւունքն ու որոշման պատճէնն ուղարկած է Արդարադատութեան նախարարութիւն։
Հիմնադրամը պետութեան յանձնելու գործընթացին դէմ կրկին դատավարութիւն պիտի իրականացուի: