
Դիադին քաղաքը կը գտնուի Արածանիի վերին հոսանքի աջ ափին, Պայազետէն մօտ 38քմ արեւմուտք, Ծաղկանց լեռներու արեւելեան փէշերուն, Էրզրում—Պայազէտ ճանապարհին վրայ: Քաղաքէն 5 — 6քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Արածանիի բնական հռչակաւոր կամուրջը։ Կամուրջին բարձրութիւնն ու լայնքը աւելի քան 21մ է։ Կամուրջէն քիչ մը հեռու, Արածանիի աջ ափին կը գտնուի Դիադինի հանքային ջուրերու մեծ աղբիւրը՝ գլխաւոր Գերմաւը։ Ջուրի ջերմութիւնը շատ բարձր է։
Դիադինը համանուն գաւառակի կեդրոնն է եւ կը մտնէ Էրզրում նահանգի Պայազէտ գաւառին մէջ։ 19-րդ դարու սկիզբները ունէր 500 տուն հայ եւ քիւրտ բնակիչ: Մինչեւ 19-րդ դարու 20–ական թուականներու վերջերը Դիադինի բնակչութեան մեծագոյն մասը կը կազմէին հայերը։ Սակայն 1828—-29թթ, ռուս-պարսկական պատերազմէն ետք այստեղի հայերը համարեա ամբողջութեամբ գաղթեցին Արեւելեան Հայաստան:
Դիադինի բնակիչները գլխաւորաբար կը զբաղէին գիւղատնտեսութեամբ, արհեստներով ու առեւտուրով։ Անոր արհեստաւորներն ու առեւտրականները գերազանցապէս հայեր էին։ Դիադին ունէր իր բերդը, որ կը գտնուէր Արածանիի ժայռոտ ափին։ Մինչեւ 1843 թուականը այն կանգուն էր, իսկ յետագային վերածուած է աւերակներու կոյտի։
Գիւղաքաղաքին մէջ կար հայկական մէկ եկեղեցի Ս. Աստուածածին անունով։ Այն կանգուն եղած է մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները։