Շուշիի հայրենակցական միութեան  անդամները ցոյց կազմակերպած են  ՀՀ–ի մէջ  ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ՝  խումբ մը ատրպէյճանցիներու կողմէ  բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակուած Արցախը Գորիսի տարածաշրջանին կապող Բերձորի մայրուղին բանալու համար։

Շուշիի հայրենակցական միութեան անդամ  Այտա Աւանէսեան նշած է, որ իր ընտանիքի անդամները ներկայիս կը գտնուին Արցախ՝ շրջափակման մէջ:

Եւ ան հնարաւորութիւն չունի վերադառնալու իր բնօրրանը՝ ատրպէյճանական այդ յանցագործ եւ ցեղասպան քաղաքականութեան պատճառով:Ցոյցի մասնակիցները, արտայայտելով իրենց արդարացի բողոքը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն դէմ, միասնաբար կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ին քայլեր ձեռնարկելու Բերձորի մայրուղիին երթեւեկութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: