Շարուր Գաւառը կազմուած է 1849 թուականին՝ անջատուելով Նախիջեւանի գաւառէն։ 1875 թուականին Շարուրի դաշտը Վայոց Ձորին հետ միասին կազմած է Շարուր-Տարալահեազի գաւառը։ Անցեալին  մտած է Նախիջեւանի խանութեան (1747-1827), ապա՝ Նախիջեւանի գաւառի կազմին մէջ։ 

1918-1920 թուականներուն մտած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, իսկ 1920 թուականէն կիսուած է Խորհրդային Հայաստանի (Տարալակեազի) եւ Նախիջեւանի ԻԽՍՀ-ի միջեւ։  Հայերը կը բնակէին գլխաւորաբար Տարալակեազի լեռնային շրջանները։ Շարուրի դաշտին մէջ կար եօթ հայկական գիւղ։ 

Թուրք բարբարոսներու կողմէ Շարուրի բնիկ հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, որուն արդիւնքով կոտորուեցաւ բնակչութեան 70-80 տոկոսը, իսկ տարածքն ալ 1921թ. Մարտի 16-ի ռուս-թրքական պայմանագիրով յանձնուեցաւ ոճրագործին` որպէս պարգեւ։ Կոտորածը շարունակուեցաւ 1918-20 թուականներուն։ 

Ահա թէ ինչ կը գրէ յօդուածագիր Միքայէլ Տէր Աւագեան «Ժողովուրդ» թերթի 1920թ. Հոկտեմբերի 20-ի թիւին մէջ. «…Շարուրի հայերը կը հաւաքեն Փարչի գիւղը։ Այնտեղ թուրքերը կը մերկացնեն հայերը՝ քահանաներուն հետ միասին եւ մարմնին վրայ խաչ  կը քաշեն տաքցուած շամփուրներով։ Երեխան մօր արգանդէն կը հանէին, կ’առաջարկէին հօր ուտել միսը։ Մօտաւորապէս 700 շարուրցիներ կը տանէին եւ Ալիշար գիւղին մօտ կը ձգէին Երասխ գետը։ 6400 հայերէն հազիւ 300-350 մարդ կրցան փախչիլ։ Ներկայիս Շարուրի հայ գիւղերը հիմնայատակ եղած են եւ վերածուած մոխրակոյտերու»։