Ծագումով Արեւմտեան Հայաստանէն՝ Խորհրդային Հայաստանի գրական, հասարակական-քաղաքական գործիչ, մտաւորական Վարդգէս Թաթիկեանի «Իրադարձութիւններ եւ դիմանկարներ» գիրքը Շահան Բենիկ Մինայեանի ջանքերով  թարգմանուած է թրքերէն։

Թաթիկեան իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ բազմաթիւ իրադարձութիւններ,  որոնք տեղի  ունեցած են իր միջավայրին մէջ` Արեւմտեան Հայաստան եւ Փոքր Ասիա։ Անոնց մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ Ցեղասպանութիւն-ԱՐՄԵՆՈՑԻՏԸ: Գիրքի բովանդակութիւնը մարդասիրական տեսանկիւնիէ հարուստ է։

Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու լայն զանգուածներիուն խորհուրդ կը տրուի ընթերցել այս գիրքը, որմէ շատ բան կայ սորվելու։

Գիրքի թրքերէն տարբերակն առայժմ հասանելի է միայն Արեւմտեան Հայաստանի պետական ​​հեռուստատեսութեան՝ «westernarmeniatv»-ի կայքով։ «Westernarmeniatv»ն կը շարունակէ անվճար եւ  մատչելի ծառայեն հանրութեան։

http://www.western-armenia.eu/news/Actualite/2022/OLAYLAR_VE_PORTRELER-Vartkes_Tatikyan-17.12.2022.pdf