Դեկտեմբերը Արեւմտեան Հայաստան բնակող  արեւիներուն համար ամենասուրբ ամիսն է, քանի որ  այս ժամանակ կը նշուի  Կախան ամսուան տօնը։ Ըստ Տերսիմի արեւիներուն, որոնք հազարամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին՝ այն կը նկարագրեն որպէս «Ճշմարիտ ճանապարհ»՝ Դեկտեմբերն այդ հաւատքի 10-րդ ամիսն է։  Կախանը կը սկսի Դեկտեմբերի երրորդ շաբաթէն եւ կը տեւէ մինչեւ Յունուարի առաջին շաբաթը։ Տերսիմի ալեւիներուն համոզմամբ, Կախան ամսուան առաջին օրը նաեւ ձմրան առաջին օրն է։  Կախան ամսուան ընթացքին եռօրեայ պահք կը պահուի։ Պահքի նպատակն այն է, որ ձմրան խստաշունչ ամիսներուն մարդոց կեանքը եւ ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլան։ Այս ընթացքին մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս չնեղացնել զիրար։ Ինքնամաքրումը Կախանի շրջանին կարեւոր խորհուրդ կը կրէ։ Տօնի ծիրին մէջ կ’իրագործուին շարք մը ծէսեր, օրինակ՝ տարուան վերջին օրը եփած ցորենը շաղ կու տան  տան եւ անասնագոմին մէջ, ինչպէս նաեւ աղբիւրներու վրայ, մէկ մասն ալ կը բաժնեն տան անդամներուն՝ ուտելու համար։ Բացի անկէ, աղբիւրէն վերցուած ջուրը նոր տարուան առաջին օրը կը ցօղեն տան ներսի ու դուրսի պատերուն վրայ։ Դեկտեմբերի վերջին շաբաթը՝ Կախան ծոմի աւարտին, տանտիկինը կարեւոր ծէս կը կատարէ. առաւօտ վաղ ժամերուն ան աղբիւրէն վերցուցած  աման մը ջուրը  շաղ կու տայ ամբողջ տան եւ անասնագոմի տարածքին, երբեմն ալ՝ աղ խառնելով մաքուր ջուրին։

Այս ծիսակարգին համաձայն,  տարին առատ կ’ըլլայ, իսկ տունը պաշտպանուած  չար աչքէ։