Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ կազմակերպուած  «Արեւմտեան Հայաստանի  մարտահրաւէրները» խորագիրը կրող գիտաժողովի ընթացքին Քուրմ Միհր Հայկազունի ներկայացուց Հայկեան ուսմունքը, որ կը կոչուի նաեւ արեւապաշտութիւն։  Բացատրեց «դից» բառին իմաստային նշանակութիւնը, որ լոյսի խորհուրդն է։ Ան մասնաւորապէս նշեց․ «Դիցը կամ լոյսը մարդու մէջն է, եւ մարդ ինք կը համարուի արարիչ։ Այդ պատճառով է, որ արեւապաշտները աղօթք չունին, քանզի իրենք արարիչ են եւ կարիք չունին խնդրելու  կամ աղերսելու։ Ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուին, այն  բանալիներու հաւաքածու  է եւ անհրաժեշտ է, որ Արեւմտեան Հայաստան ապրող բնիկ հայերը սորվին եւ խօսին հայերէն, բան մը՛ որ կարեւոր է անոնց ինքնաճանաչման եւ աշխարհայեացքին համար։ https://youtu.be/CN-YaU-fVSE