Եւրոպական միութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութեան նոր հանգրուան կը սկսի անցումնային խումբով, որ հիմքեր պիտի նախապատրաստէ Հայաստանի մէջ հնարաւոր առաւել երկար ժամկէտով ԵՄ առաքելութեան տեղակայման համար։ Այս լուրը յայտարարած է Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով  բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեէփ Պորէլ։

Պորէլ նշած է, որ առաքելութիւնը տեղակայուած էր Հայաստանի մէջ Հոկտեմբերի 20-ին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմը՝ համաձայն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը դիտարկելու, վերլուծելու եւ անոր մասին տեղեկացնելու նպատակով։ ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարը աւելցուցած է, որ Եւրոպական միութեան խորհուրդը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ, որոշած է Վրաստանի մէջ գործող ԵՄ դիտորդական առաքելութենէն անցումնային, ծրագրաւորման աջակցութեան խումբ տեղակայել Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելու համար անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ ԵՄ տեղեկացուածութիւնը։