Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով,  Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ կազմակերպուած «Արեւմտեան Հայաստանի մարտահրաւէրները» խորագիրը կրող գիտաժողովի ընթացքին ԱՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Սիմոն Տարօնեան իր ելոյթի ընթացքին մասնաւորապէս նշեց․

«Մենք բոլորս հայ ենք, անկախ կրօնական եւ կուսակցական պատկանելութենէ։ Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը չէ սկսած միայն 1915 թուականէն, այլ այն ժամանակէն, երբ մեր հայրենիքը բռնագրաւուեցաւ եւ սկսաւ ձուլման գործընթացը։ Մենք հայերս դժուարութեամբ կը միանանք ու բռունքցք կը դառնանք, մեզ բոլորը կը սիրեն քանի որ մենք անընդհատ «նուէրներ» կու տանք, բայց ոչ ոք մեզի «նուէր» կու տայ։ Ո՞վ կ’որոշէ հայ ըլլալը, կախուած կրօնէ կամ այլ բանէ, անոնք միայն  քարոցչութեան համար են։ Մենք պէտք է փնտռենք մեր արմատները, որքա՞ն կարելի է սփռուած մնալ։ Մեր հայրենիքի տարածքին հազարաւոր տարիներ շարունակ բնիկ  եղած ենք, սակայն  կը շարունակենք մինչեւ օրս հեռանալ հայրենիքէն, փնտռելով օտարութիւնը»։